image

Լիբանանեան OTV Կայանը Հանդիպած Է Գամիշիլի Ապրող Հայերուն Հետ (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան OTV   Կայանը    Հանդիպած Է    Գամիշիլի Ապրող Հայերուն Հետ (Տեսանիւթ)

 Սուրիա – Լիբանանեան  OTV կայանի լրագրողական խումբը  մեկնած է  Սուրիոյ Գամիշլի  աւան, ուր հանդիպում ունեցած է   շրջանին  մէջ  ապրող հայերուն հետ: Կայանին լրագրողը պատմած է, որ   Գամիշլին, որ կը գտնուի  Ռաքքա  եւ Տէր Զօր շրջաններուն մէջ  կը շարունակէ պայքարիլ  իր դէմ եղած  պաշարման դէմ:       Կայանի լրագրողը հարցազրոյց  կատարած է շրջանի հայ բնակիչներէն՝ Լեւոն Օսմանին հետ, որ    խօսելով տեղի  հայ  բնակիչութեան  մասին   յայտնած է, որ նախքան  Սուրիոյ պատերազմին սկսիլը  շրջանին մէջ  կ'ապրէին  1200  հայ ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը    պայմաններու բերումով ստիպուած  եղած է   շրջանէն հեռանալ: Ան  յոյս յայտնած է, որ հեռացած հայերը շուտով Գամիշլի  կը վերադառնան: Իր կարգին շրջանի հայ երիտասարդներէն մին  խօսած է   իրենց Գամիշլի մնալու   որոշումին մասին ըսելով, որ «բոլորը լաւ գիտեն հայերու պատմութիւնը եւ մենք ամէն գնով որոշած են     հոս մնալ ու պայքարիլ»:   Լրագրող    Րիմա Համտան,   տեսանիւթին մէջ նկատել տուած է, որ  Գամիշլիի  մէջ ապրող    քրիստինաեները կը կազմեն  շրջանի բանկչութեան 12  առ հարիւրը:      Ան նոյնպէս շրջած է  Գամիշիլիի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ  եւ  նկատել տուած, որ հայերու, ասորիներու եւ գաղթէացիներու (Քըլտան)  եկեղեցիները  կանգուն են եւ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:  Տեսանիւթը (արաբերէնով)  կարելի է   դիտել սեղմելով  ՝այստեղ: