Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու անոր գաղափարակից շրջանակներուն խօսափողը համարուող Future կայանը պիտի դադրեցնէ իր աշխատանքները։
Այս մասին այսօր յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Լիբանանի վարչապետը, որ նաեւ անդրադարձաւ կայանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Վարչապետը նաեւ ներողամտութիւն հայցեց Future կայանի անդամներուն եւ աշխատակիցներուն յիշեցնելով, որ հակառակ տարբեր ժամանակներու ընթացքին երեւելի դարձած բազմապիսի դժուարութիւններուն կայանը կարողացած էր դիմակայել եւ բարգաւաճիլ։
Իր կարգին լիբանանեան «Էլ Նաշրա» կայքը նշեց, որ Future-ը կը փակուի իր քոյր հաստատութիւն համարուող «Ալ Մուսթաքպալ» օրաթերթին փակումէն շրջան մը ետք եւ երկու կառոյցներուն աշխատանքէ դադրիլը կապ ունի ֆինանսական դժուարութիւններուն հետ։