image

Լիբանանեան հարաւ. Իսրայէլեան օդային հարուածի հետեւանքով սպանուած են լրագրողներ

Լիբանանեան հարաւ. Իսրայէլեան օդային հարուածի հետեւանքով սպանուած են լրագրողներ

Իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով վերջին մէկ օրուան ընթացքին Լիբանանի մէջ զոհուած է առնուազն 19 մարդ: Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւններու հետեւանքով վերջին 24 ժամուան ընթացքին առնուազն 55 պաղեստինցի զոհուած է, աւելի քան 130-ը՝ վիրաւորուած։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Telegram-ի էջով հաղորդած է, որ շարունակած է գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ՝ Ճապալիայի մէջ, ոչնչացնելով տասնեակ ահաբեկիչներ եւ ահաբեկչական ենթակառուցուածքներ։

Լիբանանի հարաւը գտնուող Հասպայա գիւղի վրայ իսրայէլեան օդային հարուածի ժամանակ սպանուած են Al Mayadeen հեռուստաալիքի աշխատակիցներ:

Լրատուամիջոցէն յայտնած են, որ մահացածներու շարքին են թղթակից, նկարահանող եւ լուսանկարիչ Al Manar հեռուստաալիքէն:

Al Jazeera-էն յայտարարած են, որ այդ եղած է նպատակային յարձակում լրագրողներու վրայ՝ Al Mayadeen հեռուստաընկերութեան գրասենեակներու վրայ Իսրայէլի օդային հարուածէն երկու օր անց: