Լիբանանցի հանրայայտ պարուհի Նարիման Ապուտ մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։
Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած է իր ամուսինը, երգիչ՝ Ուիսամ Ալ Ամիրը, առանց նշելու մահուան պատճառը։
Աւելի ուշ «Արեւելք» լիբանանեան մէկէ աւելի լրասփիւռներէ տեղեկութիւն քաղելով վերահասու դարձաւ, որ Ապուտի մահուան պատճառը «Քորոնա»ն է։
Յիշեցնենք, որ 90-ականներու կէսերէն սկսեալ Նարիման Ապուտ կը համարուէր լիբանանեան բեմերու ամէնէն փնտռուած պարուհիներէն մին եւ անոր հռչակը տարածուած էր նաեւ Լիբանանէն դուրս։