image

Մեքսիքայի ռազմածովային ուժերու նախարարութեան բուժօգնութեան առաքելութեան օդանաւը կործանած է. յայտնի է 5 զոհի մասին

Մեքսիքայի ռազմածովային ուժերու նախարարութեան բուժօգնութեան առաքելութեան օդանաւը կործանած է. յայտնի է 5 զոհի մասին

Մեքսիքայի ռազմածովային ուժերու նախարարութեան բժշկական օգնութեան առաքելութիւն իրականացնող օդանաւը Թեքսասի Կալուեսթըն քաղաքի մօտակայքը վայրէջքի ժամանակ վթարի ենթարկուած է:

Թեքսասեան The Daily News-ի տուեալներով՝ օդանաւը վթարի ենթարկուած է Շոլսի միջազգային օդակայանին մօտենալու ժամանակ՝ խիտ մառախուղի եւ սահմանափակ տեսանելիութեան պայմաններու մէջ։ Օդանաւին մէջ եղած է ութ մարդ՝ երկու օդաչու եւ վեց ուղեւոր, այդ շարքին՝ մէկ երեխայ։ Անոնցմէ 5-ը զոհուած է, 2-ը ողջ են, 1 մարդ դեռ չէ յայտնաբերուած:

Օդանաւը վթարի ենթարկուած է Կալուեսթընի ծոցին մէջ: