Համաշխարհային աստղ Ճենիֆըր Լոփեզ 17 նոյեմբերին Տուպայի մէջ գեղարուեստական շոու մը պիտի ներկայացնէ: Լոփէզի շոուի բացումը պիտի կատարէ լիբանանցի երիտասարդ երգչուհի Լիա Մախուլ, որ տեղի պիտի ունենայ «Autism Rocks Arena»ի մէջ:Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:
«Սթար Աքատէմի»ի աստղ Մախուլ այս կապակցութեամբ յայտնած է իր ուրախութիւնը եւ ոգեւորութիւնը, «Red Bull» ըկերութեան կողմէ համերգի բացումը կատարելու ընտրուած ըլլալուն համար: Ան այս քայլը կարեւոր փուլ համարած է՝ իր արուեստի ուղիին համար:
Ինչպէս կը նշէ կայքը, Մախուլ հանդիսութենէն երկու օր առաջ Տուպայ պիտի ժամանէ, միջոցառման նախապատրաստուելու համար: