Գիւմրիի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին ընտրակաշառք տալու, ստանալու եւ բարեգործութեան արգելքը խախտելու մեղադրանքներ ներկայացուած են 4 անձի: Այս մասին յայտնած են Հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն։
Անոնց նկատմամբ կիրառուած են վարչական հսկողութիւն եւ բացակայելու արգելք: Մեղադրյալները ճանչցած են իրենց մեղքը եւ տուած են խոստովանական ցուցմունքներ:
Նախաքննութիւնն աւարտած է, դատախազը հաստատած է մեղադրական եզրակացութիւնները, եւ նիւթերն ուղարկուած են ՀՀ հակակոռուպցիոն դատարան:
Հակակոռուպցիոն կոմիտէէն ներս հետաքննուող քրէական գործերէն մէկու համաձայն՝ Գիւմրիի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածուն խախտած է բարեգործութեան արգելքը: Ան Գիւմրիի բնակչին խոստացած է ֆինանսաւորել անոր պարային խումբի համար հագուստներու պատրաստումը եւ ձեռքբերումը, ինչպէս նաեւ խումբի կահաւորման այլ ծախսերը՝ կուսակցութեան միջոցներու հաշուոյն:
Մէկ այլ քրէական գործով պարզուած է, որ Գիւմրիի բնակիչ մը, այլ անձանց հետ համաձայնեցուած, երկու ընտրողի դրամական միջոց խոստացած է՝ իր ներկայացուցած կուսակցութիւններու դաշինքի օգտին քուէարկելու համար: Ընտրողները համաձայնած են: Նոյն անձը պայմանաւորուած է այդ ընտրողներու հետ՝ այլ ընտրողներու նոյնպէս դրամ առաջարկելու մասին, եւ անոնք հաւաքած են շարք մը քաղաքացիներու անձնական տուեալներ՝ ընտրակաշառք առաջարկելու նպատակով: