image

Օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Հարաւէն արեւադարձային տաք օդի ալիքի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ օգոստոս 6-9-ին Արարատեան դաշտին, Վայոց ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովիտներուն եւ Երեւանի մէջ կը սպասուի բարձր ջերմային ֆոն․ ցերեկը ժամը 16։00-17-00- ն ինկած ժամանակահատուածին՝ +39․․․+41 աստիճան տաքութիւն։

Նշուած հատուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն մէջ առաջիկայ 5 օրերուն կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ։

​Երեւանի մէջ օգոստոս 6-ի ցերեկը, 7-8-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Օգոստոս 9-11-ին երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ եւ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 14-18 մ/վ արագութեամբ։

Մարզերուն մէջ օգոստոս 6-ի ցերեկը, 8-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Օգոստոս 7-ի ցերեկը, 9-11-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ:

Քամին՝ հարաւարեւմտեան 2-5մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում 17-20մ/վ արագութեամբ։ Օգոստոս 6-11-ին երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։

Օդի ջերմաստիճանն օգոստոս 9-11-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 2-4 աստիճանով: