image

Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը միայն թուղթի վրայ չէ. Ալիեւ

Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը միայն թուղթի վրայ չէ. Ալիեւ

Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելէ ետք մենք սերտօրէն կը համագործակցիենք «Միջին միջանցքի» նոր ճիւղ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Այս երթուղին կ՚անցընի Հայաստանով։ Այս մասին Պաքուի 13-րդ միջազգային ֆորումի բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կը հաղորդէ APA-ն։

«Հայաստանն իր անկախութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ պիտի դառնայ տարանցիկ երկիր։ Այս նախագիծը թոյլ պիտի տայ կայուն փոխադրային գիծի, ուժանիւթի գիծի, մանրաթելային մալուխի, ելեկտրահաղորդման գիծերու եւ, հնարաւոր կերպով, խողովակաշարերու միջոցով միացնել Ատրպէյճանի երկու մասերը՝ հիմնական տարածքը եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը։ Այդ բոլորի համար փոխշահաւէտ իրավիճակ պիտի ստեղծէ։ Քանի որ Ատրպէյճանի երկու մասերը պիտի միաւորուին փոխադրային ենթակառուցուածքով, իսկ նոր փոխադրային միջանցքը լրացուցիչ հնարաւորութիւններ պիտի բանայ բազմաթիւ երկիրներու համար»,-ըսած է Ալիեւ։

Խօսելով Հայաստանի տարածքով անցնող ճանապարհի մասին Ատրպէյճանի նախագահը գրեթէ միշտ կը կիրառէ «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, սակայն այսօրուան ֆորումի ընթացքին նախընտրած է կիրառել «Միջին միջանցքի» նոր ճիւղ ձեւակերպումը։

Խօսելով բանակցային գործընթացի մասին՝ Ալիեւ պնդած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու նպատակը ոչ թէ հակամարտութեան կարգաւորումն էր, այլ ատոր սառեցումը եւ որպէս երկու երկիրներու վրայ ազդեցութեան լծակ օգտագործելը։ Ան նշած է, որ 7 ամիս առաջ խաղաղութեան համաձայնագիրը նախաստորագրուած է, եւ այժմ կողմերը կ՚ապրին «իրական խաղաղութեան» պայմաններու մէջ՝ առանց սահմանային միջադէպերու։

«Ես բազմիցս նշեր եմ, որ մենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասած ենք ոչ միայն թուղթի վրայ։ Եօթ ամիս առաջ խաղաղութեան համաձայնագիրը նախաստորագրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ մենք կ՚ապրինք իրական խաղաղութեան պայմաններու մէջ։ Սահմանին իրավիճակը հանգիստ է, փոխհրաձգութիւններ այլեւս չկան, չկան զոհեր եւ կորուստներ»,-յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը։