image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ երիտասարդը զոհ՝ ծանր արկածի (Լուսանկար)

  Լիբանանահայ երիտասարդը զոհ՝ ծանր արկածի (Լուսանկար)

 Պէյրութի հայաշունչ թաղամասերու բնակիչներուն ծանօթ անուն հանդիսացող մեր հայրենակից՝ Ճօրճիկը զոհ գացած է ծանր արկածի։

 

 Կը նշուի, որ արկածը պատահած է Անթիլիաս շրջանի ծովեզերեայ ճամբուն վրայ, երբ անոր ինքաշարժը սահած ու շուռ եկած է։

 Կը նշուի, որ Պուրճ Համուտի ծնունդ Ճօրճիկը (ճանչցուած՝ Ճօճօ անունով) կուգար համեստ ընտանիքէ եւ փոքր տարիքէն ալ եղած է տարբեր արհեստներու մէջ հոգալու համար իր ընտանիքին ծախսերն ու օրապահիկը։

Քանի-քանի հայորդիներ այսպէս անողոք կերպով զոհ կ՚երթան ճակատագրի եւ կամ անփութութեան ծանր եւ մահացու խաղերուն։

 

 Աստուած հոգին լոյսերու մէջ թող պահէ։