Շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր Լիբանանի քաղաքացիներուն դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մուտքի արտօնութեան (վիզա) դէմ դրուած արգելքը վերցուեցաւ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը, նշելով նաեւ որ այսուհետեւ լիբանանցիներ պիտի կարողանան դէպի ԱՄԷ մուտք գործելու արտօնութեան համար դիմել եւ ստանալ համապատասխան պատասխան։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ԱՄԷ-ի եւ Լիբանանի միջեւ որոշակի սառնութիւն ստեղծուած է «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ղեկավարութեան կողմէ այդ երկրի հասցէին տարբեր առիթներով հնչած քննադատութիւններուն հետեւանքով։
Տեղին է նաեւ նշել, որ քիչ չէ թիւը այն լիբանանցիներուն, որոնք հաստատուած են Իմարաթներու մէջ։