Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի առիթով, օրերս, համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Պաապտայի նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցած Լիբանանի նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունի հետ։ Այս առթիւ նախագահ Աունին յանձնուած է յուշատախտակ մը՝ նուիրուած Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահի դիմատետրեան էջէն։
Գրառման հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
27 Մայիս, 2025-ին, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի գլխաւորած 21 ներկայացուցիչէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ այցելութիւն տուած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Զօրավար Ժոզէֆ Աունին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:
Պատուիրակութիւնը կազմուած էր համալսարանի վարչութեան անդամներէ, դասախօսներէ, աշխատակազմի եւ ուսանողներէ։
Պաշտօնական այցը կատարուած էր համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս։
Հանդիպման խօսքով հանդէս եկած է Դոկտ. Հայտոսթեանի, որուն յաջորդելով նախագահ Աուն իր շնորհաւորութիւնները յայտնած է եւ շեշտած է Լիբանանի մէջ վստահութիւնը վերականգնելու կարեւորութիւնը։
Ան բարձր գնահատելով համալսարաններու կենսական դերը ապագայ սերունդներու կերտման մէջ, մասնաւորաբար ընդգծած է Հայկազեան համալսարանի նշանակալի ներդրումը Լիբանանի կրթական ոլորտին մէջ։
Այս յոբելենական առիթին, նախագահ Աունին յանձնուած է յուշատախտակ մը՝ ի պատիւ համալսարանի 70-ամեակի։