image

Լաւրովի օդանաւի թռիչքի արգելքը Եւրոպայի միասնութիւնը ցուցադրելու քարանձաւային մեթոտ է. Զախարովա

Լաւրովի օդանաւի թռիչքի արգելքը Եւրոպայի միասնութիւնը ցուցադրելու քարանձաւային մեթոտ է. Զախարովա

Եւրոպացիները փորձեցին քարանձաւային մեթոտով ցոյց տալ իրենց շարքերուն միասնութիւնը՝ արգիլելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի օդանաւին թռիչքը Սերպիա: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: 

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ միջազգային կապերը հնարաւոր չէ արգելակել:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 6-7-ին ծրագրուած էր Լաւրովի այցը Պելկրատ: Կիրակի յայտնի դարձած էր, որ Պուլկարիան, Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Չեռնոգորիան մերժած են օդային միջանցք տրամադրել ռուս նախարարին օդանաւին համար: Լաւրով Երկուշաբթի յայտարարած է, որ Մոսկուան եւրոպական շարք մը երկիրներու որոշումը կը համարէ աննախադէպ եւ անմիտ: