Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ գիւղին մէջ ստեղծուած իրավիճակը «ռուս զինուորականները կը համարեն իրենց գերակայութիւններէն մէկը»:
«Այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ` իրավիճակի ապամագլցողութեան հետ կապուած: Մեզ մօտ կայ գիտակցութիւն, որ սահմանազատման սկսող առարկայական աշխատանքներու շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի դիտարկուին եւ անպայման պիտի լուծուին», ըսած է Սերգէյ Լաւրովը: