image
Հրատապ լուրեր:

Ամբողջ 2025-ը եղաւ hալածանքներու եւ փորձութիւններու ժամանակահատուած, որու գնահատականը պատմութիւնն ու սերունդները դեռ պիտի տան. Սրբազաններու ուղերձը՝ կալանավայրէն

Ամբողջ 2025-ը եղաւ hալածանքներու եւ փորձութիւններու ժամանակահատուած, որու գնահատականը պատմութիւնն ու սերունդները դեռ պիտի տան. Սրբազաններու ուղերձը՝ կալանավայրէն

Մուտք գործեցինք 2026 թուական եւ մեր հայեացքները լոյսով ու սիրտերը յոյսով, ապրումները հաւատքով եւ զգացումները սիրով կը նշենք Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան Մեծ Խորհուրդը: Մեր ազատութենէն բանտարգելութեան մէջ գտնուող մեր սիրելի եւ համբուրելի ժողովուրդին մեր սէրը, ուժը, եռանդը, վերականգնումի կամքի եւ յաղթանակի իրականացման բարեմաղթանքը կը յղենք`մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուածորդիի Ծննդեան հրաշքով՝ նոր կեանքի եւ Հոգեւոր Հայաստանի տեսիլքը յաղթանակէ այս 2026 թուականին`մեր կեանքէն հեռացնելով չարիքը իր բոլոր դրսեւորումներով`սուտը, կեղծիքը, ատելութիւնը, թշնամութիւնը, պարտութիւնը, վախը, ուրացումը, դաւաճանութիւնը, դաւադիր հոգին, անարդարութիւնը եւ մեր կեանքին մէջ հաստատուին ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, ազատութիւնը, պատիւը, հաւատարմութիւնը, նուիրումը, արիութիւնը, հաշտութիւնը, սէրը եւ յաղթանակը`այն բոլորը, որ Աստծունն է եւ բարի է: Այս մասին կալանավայրէն գրած են Բագրատ արք. Գալստանեանն ու Արշակ արք. Խաչատրեանը:

«Ամբողջ 2025 թուականը եղաւ հալածանքների եւ փորձութիւնների մի ժամանակահատուած, որի գնահատականը պատմութիւնն ու սերունդները դեռեւս կը տան, սակայն մեզ համար այն դարձաւ էլ աւելի հաստատուելու, զօրանալու եւ հաստատակամ դառնալու կեանքի հանգրուան կարեւոր իմաստով, որն օծուած է մեր Տիրոջ պատգամով. «Երանի նրանց, ովքեր հալածւում են արդարութեան համար, որովհետեւ նրանցն է երկնքի արքայութիւնը... ուրախացէք եւ ցնծացէք...» (Մատթ. 5: 11-12): Եւ նրանք, ովքեր յոյսը Տիրոջ վրայ են դրել «պիտի ստանան երկիրը եւ ժառանգեն սուրբ լեռը» (Ես. 57:19): Թող 2026 թուականը լինի համախմբումի, անձնականից`անանձնական, մէկ նպատակով, մէկ հայեացքով, մէկ պայքարով, մէկ տեսիլքով եւ մէկ յաղթանակով` Հայաստանի եւ հայութեան, մեր Սուրբ եկեղեցու, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ պատուի յաղթանակով օրհնուած տարի, եւ թող Իր Սուրբ Ծննդեան հրաշքով «յոյսի Աստուած լցնի ամբողջական ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որպէսզի Սուրբ Հոգու զօրութեամբ առատանանք» (Հռոմ. 15: 13), «ուստի դէն նետենք խաւարի գործերը եւ հագնենք լոյսի զէնքերը» (Հռոմ. 13: 12)... Դէպի Ազատագրում եւ Յաղթանակ... Բարի Ամանոր եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնութիւն:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»,-նշուած է ուղերձին մէջ: