image

Լաւրով վստահ է, որ եռակողմ գագաթաժողովը պիտի կայանայ

Լաւրով վստահ է, որ եռակողմ գագաթաժողովը պիտի կայանայ

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով վստահ է, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ։ Մեկնաբանելով Քրեմլինի յայտարարութիւնը, թէ նման հանդիպման համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը, Լաւրով նշած է. «Քոնսենսուսի համար անհրաժեշտ է, որպէսզի բոլոր անոնք, ովքեր կը պատրաստուին հանդիպելու, համաձայնին հանդիպման։ Վստահ եմ, որ նման հանդիպում տեղի կ'ունենայ»:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած էր, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ գագաթաժողովը  որոշ փուլի մէջ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, սակայն անոր համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը։