Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով վստահ է, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ։ Մեկնաբանելով Քրեմլինի յայտարարութիւնը, թէ նման հանդիպման համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը, Լաւրով նշած է. «Քոնսենսուսի համար անհրաժեշտ է, որպէսզի բոլոր անոնք, ովքեր կը պատրաստուին հանդիպելու, համաձայնին հանդիպման։ Վստահ եմ, որ նման հանդիպում տեղի կ'ունենայ»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած էր, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ գագաթաժողովը որոշ փուլի մէջ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, սակայն անոր համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը։