image

Լաւրով քննադատած է ԵԱՀԿ-ը

Լաւրով քննադատած է ԵԱՀԿ-ը

Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) շնորհազրկուած է եւ կը ծառայէ Արեւմուտքի շահերուն։ Այս մասին Մինսքի մէջ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Մենք պատմեցինք, թէ ինչպէս կը համագործակցինք Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան եւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ՝ հակառակ այն բանին, որ վերջինս ամբողջութեամբ շնորհազրկուած է եւ սկսած է, ըստ էութեան, սպասարկել Արեւմուտքի շահերը։ Այնուամենայնիւ սա կը պահանջէ աւելի արդիւնաւէտ հակազդեցութիւն Հելսինքեան եզրափակիչ որոշումէն ի վեր ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան հիմքը դրուած բոլոր սկզբունքները վերաշարադրելու ու մոռացութեան մատնելու նման փորձերուն», - ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Անոր խօսքով՝ ԵԱՀԿ-ը չէ կրցած դառնալ կազմակերպութիւն, որ կը հոգայ իր անդամներու մեծամասնութեան շահերու մասին։

«Այն, ըստ էութեան, վերածուած է գործիքի անոնց ձեռքին, որոնք ովկիանոսէն այն կողմ կը շահարկեն եւրոպական գործընթացները եւ վերջին տարիներուն պարզապէս ենթարկեցուցած են Եւրոպան իրենց շահերուն ու ազատած անորմէ՝ որպէս տնտեսական մրցակից», -ըսած է Լաւրով։