image

Լաւրով- Պայրամով քննարկում. Օրակարգը՝ Պաքու- Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումն էր

Լաւրով- Պայրամով քննարկում. Օրակարգը՝ Պաքու- Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումն  էր

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կայացած երկկողմ հանդիպման ժամանակ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կասպեան «հնգեակ»ի մէջ համագործակցութեան հարցերը, հաղորդած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դիւանագիտական գերատեսչութիւնը։

«Տարածաշրջանային հարցերու քննարկման ծիրէն ներս հաստատուած է 2020-2022 թուականներու համար ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերու աւելացման անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կայքի հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսիոյ Դաշնութեան դիւանագիտական գերատեսչութիւնը աւելցուցած է, որ նախարարները քննարկած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին 2022 թուականի փետրուար 22-ի հռչակագրի դրոյթներու կատարման հարցը։