image

Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է Կազայի հարաւը «մարդասիրական գօտի» ստեղծելու մասին

Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է Կազայի հարաւը «մարդասիրական գօտի» ստեղծելու մասին

Կազա քաղաքի ցամաքային գործողութեան ընդլայնման եւ «Համաս» շարժման յենակէտերը գրաւելու գործողութիւններու ծիրէն ներս Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը յայտարարած են Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունիսի մէջ «մարդասիրական գօտի» ստեղծելու մասին:

Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը յայտարարութիւն ըրած են շաբաթ օր՝ 6 սեպտեմբերին, թելեկրամեան ալիքով: Անոնք յայտարարած են, որ դաշտային հիւանդանոցները յագեցած են անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներով եւ դեղորայքով։ Վրաններուն մէջ պիտի մատակարարուի նաեւ սնունդ։

Այսպիսով, «Կազա քաղաքի բնակիչներուն» խորհուրդ կը տրուի տեղափոխուիլ այս գօտի, նշած է AFP գործակալութիւնը:

«Օգտուեցէք հնարաւորութենէն՝ անմիջապէս երթալու մարդասիրական գօտի եւ միանալու այն հազարաւոր մարդոց, որոնք արդէն ըրած են»,-յայտնած է գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իսրայէլեան զինուորականներուն: