Իրանն ու Ռուսիան համաձայնութեան եկած են համատեղ ծովային ընկերակցութիւն ստեղծելու շուրջ եւ կը նախատեսեն մշակել համաձայնագրի մանրամասնութիւնները, յայտարարած է Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալին։
«Իրանը եւ Ռուսիան համաձայնութեան եկած են առաջին համատեղ ծովային նաւագնացութեան ընկերակցութիւնը ստեղծելու շուրջ», - գրած է ան X-ի ընկերային ցանցի էջին։
Անոր խօսքով՝ այս համաձայնագիրը կողմերու միջեւ նոյեմբեր 6-7-ը Մախաչքալայի մէջ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքն է, որուն մասնակցած են մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երկու երկիրներու իշխանութիւնները։