image

Լաթաքիա. Հայկական օճախ մը դարձեալ կը խայտայ. Ծնած է փոքրիկն ՝ Նազոն

 Լաթաքիա. Հայկական օճախ մը դարձեալ կը խայտայ. Ծնած է փոքրիկն ՝ Նազոն

 Սուրիոյ տագնապալի օրերը կամաց-կամաց կը նահանջեն։ Մեր հայրենակից ՝ հայորդիներու տան ճրագները կամաց-կամաց դարձեալ կը բոցավառին։ 

Մեր աչքերուն առջեւ աւելի քան տասը տարիներ Սուրիան տառապանքներու «բոյն» դարձաւ։ Ամբողջ աշխարհի հայացքներուն ներքով այդ խաղաղ եւ անվտանգ երկիրը դարձաւ մեզ պատերազմներու, անասելի քանդումներու եւ մեծագոյն ցաւերու կիզակէտ։ Թէ ինչ պատճառներով է, որ այդ երկիրը բռնեց «խաչելութեան ճամբան» տակաւին պարզ չէ, պարզ է սակայն, որ իրենք զիրենք «աշխարհի տէրեր» կարգած կողմերը ամէն ճիգ ըրին աւելիով արիւնահոսելու այդ երկիրը։

 Յաջողեցան, ո՛չ. Երկիրը կարողացան «ջնջել» քարտէզէն, դարձեալ ո՛չ. Սակայն այս բոլորի կողքին տագնապն ու մտահոգութիւնը կը շարունակէ հալածել Սուրիոյ բնակիչները, որոնցմէ շատ-շատերը (անոնց շարքին մեր հայ հայրենակիցները) որոշեցին հեռանալ իրենց հարազատ «տուն»էն ու հաստատուիլ հեռաւոր երկիրներ։

 

 

 

Եւ այսօր հակառակ այս բոլորին, Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ սուրիական այլ վայրերու մէջ յոյսը դարձեալ մարմին կը ստանայ։  Մարմին կը ստանայ, ամէն անգամ, երբ կը նկատենք, որ հայորդիի մը տան լոյսը դարձեալ կը բոցավառի, լոյսը դարձեալ կեանք մը դառնայ եւ ապագայի հանդէպ հաւատքը կը նորոգուի։ Խորքին մէջ այս նախաբանին պատճառը Լաթաքիայէն «Արեւելք»ին հասած լուրն է, ըստ որուն Ներսէսեան երիտասարդ զոյգերը բախտաւորուած են իրենց առաջին զաւակով եւ նորածինը անուանած ՝ Նազօ (Նազարէթ)։

Նշենք, որ Սագօ Ներսէսեան եւ Հուրի Մարքէեան ամուսնացած էին գրեթէ տարի մը առաջ եւ պայմաններու բերումով ալ հաստատուած էին ՝ Լաթաքիա։  Հակառակ բազում դժուարութիւններուն, անոնք վճռած են իրենց կեանքը շարունակել Սուրիոյ ափերուն, մեզի ալ հաւատք ներշնչելով, որ Սփիւռքեան կտրուածքով մեծ դեր ու տեղ ունեցող դարաւոր հայագաղութը դարձեալ պիտի ապրի եւ ապրեցնէ մեզմէ շատերուն մէջ պահուած յոյսն ու լուսաւոր օրերու վերադարձի մեծ փափաքը։

 

 Կը շնորհաւորենք Ներսէսեանները, այս ուրախ առթիւ կանաչ օրեր կը մաղթենք անոնց ու նաեւ փոքրիկն՝ Նազոյին։