Ուաշինկթըն մշտապէս կեդրոնացած եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ երկու երկիրներուն կայուն կարգաւորման ուղիի վրայ կանգնեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Արտաքին գործից նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:
Փրայս պատասխանած է լրագրողի այն հարցին, թէ՝ արդեօք Ուաշինկթըն կը հետեւի Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրադրութեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին զրոյցներուն՝ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ եւ արեւմտեան եւրոպացիներու մտահոգութիւններուն այս առնչութեամբ:
«Մենք հետեւողականօրէն կեդրոնացած ենք այս մարտահրաւէրի, լարուածութեան թուլացման, երկու երկիրները կայուն, համապարփակ կարգաւորման ուղիի վրայ կանգնեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Մենք այստեղ՝ Ուաշինկթընի մէջ, կազմակերպեցինք երկու երկիրներու հանդիպումը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Նոյնը ըրինք Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջածիրէն ներս: Բացի այդ, մեր աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկու երկիրներու պաշտօնեաներու հետ երկխօսութեան մէջ՝ համոզուելու, որ մենք կ'ընենք այն ամէնը, ինչ կրնանք, եւ ամենակարեւորը, որ երկու երկիրները կ'ընեն ամէն բան՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար»,- ըսած է Նետ Փրայս: