Աղտամով ճանապարհի բացումէն ետք 24 ժամուան ընթացքին Լաչինի ճանապարհն ալ կը բացուի․ BBC-ի հետ զրոյցին նման յայտարարութիւն ըրած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ։
«Որքան շատ ճանապարհներ՝ այնքան լաւ բոլորի համար»,- ըսած է Հաճիեւ։
Ան աւելցուցած է, որ «Ղարաբաղի հայերուն առաջարկուած են նոյն լեզուական, մշակութային, կրօնական եւ ինքնակառավարման իրաւունքները, որ կը վայելեն Ատրպէյճանի քաղաքացիները»։