image
Հրատապ լուրեր:

Լաչինի տագնապ. Ռուսիա մտահոգ է

Լաչինի տագնապ. Ռուսիա մտահոգ է

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է, համաձայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու եւ բեռերու տեղաշարժի համար Լաչինի միջանցքի լիարժէք գործունէութեան վերականգնման գործին առաջընթացի բացակայութեան կապակցութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, որ հրապարակուած է ՌԴ ԱԳՆ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ։

«Ռուսական կողմը, մասնաւորապէս, ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկել այս իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ:

Կ'ընդգծենք, որ ՌԴ խաղաղապահները առանցքային ներդրում կ'ունենան իրենց տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին, որ նշուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու կողմէ 2022 թուականի հոկտեմբերի 31-ին Սոչիի մէջ կայացած գագաթնաժողովին։ Մեր խաղաղապահներու դէմ որեւէ հրապարակային յարձակում եւ սադրանք կը դիտարկենք որպէս անընդունելի եւ կանխամտածուած գործողութիւններ, որոնք զգալի վնաս կը հասցնեն հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին»,- նշած է Զախարովան։

Ռուսիա կոչ կ'ընէ Պաքուին եւ Երեւանին խստօրէն պահպանելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան բոլոր դրոյթները:

«Կը նշենք, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է օգտագործուի միայն սոյն փաստաթուղթին մէջ նշուած նպատակներու համար: Յոյսով ենք, որ կողմերը համաձայնութեան կու գան տարածաշրջանին մէջ հանքավայրերու շահագործման հարցի շուրջ։

Մենք կողմ ենք տարածաշրջանին մէջ փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակմանն ուղղուած բարձր մակարդակի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրի համակողմանի իրականացման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման եւ երկու երկիրներու հասարակական գործիչներու, փորձագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ շփումներու հաստատման»,- եզրափակած է Զախարովան։