image

Լաչինի միջանցքի բացման խնդրով Ֆրանսայէն կոչ

Լաչինի միջանցքի բացման խնդրով Ֆրանսայէն կոչ

ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներկայութեամբ, Ֆրանսան կրկին կոչ ըրած է վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Այս մասին կը տեղեկանանք ԵԱՀԿ–ի Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցչութեան թուիթըրեան էջէն։

«Ֆրանսան վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու առաջընթացի որոնման՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով։ Բացի այդ, Ֆրանսան վերահաստատած է այդ հարցով ներդրում ունենալու իր պատրաստակամութիւնը բոլոր գործընկերներու եւ շահագրգիռ կողմերու հետ համագործակցելով»,- նշուած է գրառման մէջ։