image

Կովկասի հարցերով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար՝ Լուի Պոնո Երեւան պիտի ժամանէ

Կովկասի հարցերով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար՝ Լուի Պոնո Երեւան պիտի ժամանէ

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երեւանի մէջ պիտի ընդունի Կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լուի Պոնոն։ 7 մարտին Լուի Պոնոն պիտի հանդիպի ՀՀ պաշտօնատար անձերու եւ այլոց հետ՝ քննարկելու Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը՝ միտուած համապարփակ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական քաղաքական լուծման։ Այս մասին հաղորդած են ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն:

Որպէս Կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու՝ Պոնո կ'աշխատի տարածաշրջանային առաջնորդներուն հետ՝ զբաղելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացն առաջ մղման եւ Ռուսիոյ կողմէ Վրաստանի ինքնիշխան տարածքի շարունակուող բռնագրաւման հարցերով։ Պոնո ունի երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափով աշխատանքի մեծ փորձառութիւն։ Ան նախապէս եղած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, ՄԱԿ-ի կառոյցներու գծով ԱՄՆ ներկայացուցիչի պաշտօնակատարը Վիեննայի մէջ եւ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը Վատիկանի մէջ։ Ան նաեւ ղեկավարած է Պասրայի տարածաշրջանային գրասենեակը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, եղած է պետական քարտուղարի առաջին տեղակալի եւ տնտեսութեան ու ձեռնարկատիրութիւններու հարցերով պետական քարտուղարի տեղակալի խորհրդականը։ Ան Ցամաքային ուժերու պահեստազօրի պաշտօնաթող անդամ է, դասաւանդած է Ուեսթ Փոյթնի ու Ցամաքային ուժերու պատերազմի քոլեջը։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Պոնո այցելած է Ատրպէյճան, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է պաշտօնեաներուն հետ, ինչպէս նաեւ քննարկած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը։

Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ Պոնո պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան։