image
Հրատապ լուրեր:

Կութերեշէն կոչ՝ «Օգնեցէ՛ք Թուրքիոյ»

Կութերեշէն կոչ՝ «Օգնեցէ՛ք Թուրքիոյ»

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը կոչ ըրած է հաւաքելու 1 միլիառ տոլար՝ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար։ Անոր խօսքով՝ յայտարարուած գումարը կը բաւականացնէ երեք ամսուան համար, որ կ'օգնէ 5,2 միլիոն մարդու, ինչպէս նաեւ կ'արագցնէ մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատանքը Թուրքիոյ մէջ, գրած է kommersant.ru-ն:

«Կարիքները հսկայական են, մարդիկ կը տառապին, եւ կարելի չէ զուր ժամանակ վատնել: Ես կոչ կ'ընեմ միջազգային հանրութեան աշխուժցնելու եւ ամբողջութեամբ ֆինանսաւորելու մեր ժամանակի ամենամեծ բնական աղէտներէն մէկուն արձագանգելու այս կարեւորագոյն ջանքերը», -ըսուած է Կութերեշի յայտարարութեան մէջ, որ տեղադրուած է ՄԱԿ-ի կայքին մէջ:

Անոր խնդրանքին աջակցած է ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի ղեկավար Մարթին Կրիֆիթսը, որ կոչ ըրած է «անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու» Թուրքիոյ։ 

Բնական աղէտի պատճառով հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին՝ երեխաներ ու ծերեր, մնացած են առանց կացարանի, սնունդի, ջուրի, ջերմութեան եւ բժշկական օգնութեան։

Վերջին տուեալներով Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զոհերու ընդհանուր թիւը գերազանցած է 40 հազարը: