Անթոնիօ Կութերեշ հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Անդրադարձ եղած է Իսրայէլի դէմ Իրանի գործողութեան:
Ապտոլլահեան ընդգծած է, որ Իրանը կրնար ռազմական գործողութիւն իրականացնել աւելի լայն մաշտապով, սակայն թիրախաւորած է Իսրայէլի ռազմական դիրքերու միայն այն հատուածը, ուրկէ յարձակում կատարուած է Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան վրայ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն իր հերթին կողմերուն զսպուածութեան կոչ ըրած է։ Ան գոհունակութիւն յայտնած է, որ Իրանը սահմանափակուած է այդ գործողութեամբ եւ աւելցուցած, որ Իսրայէլ եւս պէտք չէ պատասխան գործողութիւններ ձեռնարկէ: