image
Հրատապ լուրեր:

Կորած է 60 հազար հատ ցախաւել․ Երեւանի աղբահանութեան հիմնարկը դատական հայց ներկայացուցած է. Factor.am

Կորած է 60 հազար հատ ցախաւել․ Երեւանի աղբահանութեան հիմնարկը դատական հայց ներկայացուցած է. Factor.am

«Երեւանի աղբահանութիւն եւ սանիտարական մաքրում» համայնքային հիմնարկը հայց ներկայացուցած է Երեւանի քաղաքացիական դատարան՝ պահանջելով անհատ ձեռնարկատէր Արթուր Անանեանին պարտաւորեցնել վերադարձնել 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին ի պահ յանձնուած 60.000 հատ ցախաւելները:

Այս մասին Factor.am-ը տեղեկացած է «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգէն։ Արթուր Անանեանը իրենց հետ զրոյցին պնդած է, որ ցախաւելները վերադարձուցած է հիմնարկ։

«Իրենք պնդում են, որ մեզ ի պահ տրուած ցախաւելները չենք վերադարձրել, բայց ինչպէս տրուել են, այնպէս էլ նոյն կերպ ամբողջը վերադարձրել ենք։ Եթէ ցախաւելները չենք վերադարձրել, այդ դէպքում ինչպէ՞ս են Երեւանի սանմաքրումն իրականացրել»,- ըսած է ան։

ԵԱՍՄ հիմնարկի տնօրեէի խօսքով՝ իրենք չունին պահեստ, եւ չեն կրնար պահեստաւորել ապրանքը։ Այդ պատճառով յայտարարած են մրցոյթ, եւ շահած ընկերութիւնը կը պահեստաւորէ իր տարածքին մէջ։

Ցանկացած պահու հիմնարկը կրնայ դիմել տուեալ ընկերութեան՝ ատոնք վերադարձնելու պահանջով։

Արթուր Անանաեանն ըսած է, որ 2019 թուականէն սկսած՝ այսինքն հիմնարկի հիմնադրման օրէն ի վեր իրենք պահեստաւորած են։

«Մենք ԵԱՍՄ հիմնարկի հետ աշխատել ենք հիմնադրման օրուանից մինչեւ այն պահը, երբ Սաշա Կատվալեանը, նշանակուելով տնօրէն, որոշեց միակողմանի լուծել պայմանագիրը։ Մենք էլ չորս հայց ենք ներկայացրել ԵԱՍՄ հիմնարկի դէմ։ Սաշա Կատվալեանը մեզ համար արհեստական խոչընդոտներ է ստեղծել, որպէսզի «իր գործն անի»»,- յայտարարած է ձեռնարկատէր Արթուր Անանեանը։