image
Հրատապ լուրեր:

Սկզբունքային մօտեցում կայ, որ չի փոխուիր` ով ալ որ գայ իշխանութեան Իրանի եւ ՀՀ–ի մէջ. Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Սոպհանի

Սկզբունքային մօտեցում կայ, որ չի փոխուիր` ով ալ որ գայ իշխանութեան Իրանի եւ ՀՀ–ի մէջ. Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Սոպհանի

ՀՀ հետ Իրանի քաղաքականութիւնը սկզբունքային է, ու Իրանի բոլոր նոր իշխանութիւնները այդ շրջածիրէն ներս կը գործեն, որու մասին բազմիցս խօսած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բոլոր առաջնորդները։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ՀՀ–ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին։

«Մենք կը յարգենք ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք դէմ ենք միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ու աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։ Այս սկզբունքային մօտեցումը երբեք չի փոխուիր` անկախ անկէ, թէ ով կու գայ իշխանութեան Իրանի եւ Հայաստանի մէջ»,– ընդգծած է դեսպանը։

Անոր խօսքով` ՀՀ–ն իրենց համար շատ կարեւոր երկիր է ու լաւ, ազնիւ հարեւան եւ երկու երկիրներու անվանգութիւնը շաղկապուած է։

Հարցին`հակառակ խաղաղութեան գործընթացին` Ատրպէյճանը ՀՀ–ին կը սպառնայ նոր պատերազմով, եւ սպառնալիքները մասնաւորապէս կը վերաբերին Սիւնիքին, այս պարագային ի՞նչ քայլերու կրնայ դիմել Իրանը, դեսպան Սոպհանին պատասխանած է, որ եթէ երկիրները ցանկութիւն կը յայտնեն խաղաղութեան մասին, ուրեմն սպառնալիքի լեզուով պէտք չէ խօսին։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հետ համագործակցութեան մեր ձեւի մասին, ապա այդ կախուած է ՀՀ կառավարութենէն։ Մենք մեր պատրաստակամութիւնը յայտնած ենք փոխադարձ ընկալումներու հիման վրայ։ Այն, ինչ կը բխի մեր երկու երկիրներու շահերէն, բոլոր ոլորտներու մէջ կը համագործակցինք ՀՀ–ի հետ»,– վստահեցուցած է դեսպանը։

Ըստ անոր`որեւէ մակարդակի վրայ հնարաւոր է համագործակցիլ ՀՀ–ի հետ, սակայն այդ պէտք է ըլլայ փոխադարձ ընկալումներու եւ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։