image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ–ն հաւատարիմ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին. Օ'Պրայըն՝ Ալիեւին

ԱՄՆ–ն հաւատարիմ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին. Օ'Պրայըն՝ Ալիեւին

Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայըն:

Ամերիկացի դիւանագէտը կարեւորած է ամերիկա-ատրպէյճանական համագործակցութիւնը եւ հանդէս եկած երկկողմ կապերը ռազմավարական մակարդակի հասցնելու օգտին: Այս ծիրէն ներս կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային համագործակցութիւնը եւ Անդրկասպեան միջազգային փոխադրային երթուղիի (Միջին միջանցք) գործունէութիւնը:

Ալիեւ նշած է, որ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցին երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակ քննարկուած է:

Հանդիպման ընդգծուած է նաեւ Ատրպէյճանի «կարեւոր դերը» Եւրոպան ուժանիւթի միջոցներով ապահովելու գործին մէջ: Օ'Պրայըն ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ նոյեմբերին Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP-29 կլիմայական գագաթնաժողովի նախապատրաստման եւ կայացման հարցով:

Աւելի վաղ Օ'Պրայըն Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին լսումներու ժամանակ յայտարարած էր, որ այցի ընթացքին Ալիեւի հետ պիտի խօսի խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու անհրաժեշտութեան մասին: Ըստ անոր` ԱՄՆ կը ձգտի, որ Կեդրոնական Ասիայէն ապրանքներու արտահանումը իրականացուի այլընտրանքային ճանապարհներով (այդ շարքին՝ Ատրպէյճանով)՝ շրջանցելով Ռուսիան եւ Չինաստանը: Սակայն այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուի։