Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, որոշած է Կոլանի բարձունքներու հրթիռակոծութեան պատճառով ժամանակէն շուտ վերադառնալ Իսրայէլ։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետի գրասենեակը:
«Ողբերգութեան մասին լուրը ստանալէն անմիջապէս յետոյ վարչապետ Նաթանիահուն կարգադրած է արագացնել իր վերադարձը», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող Կոլանի բարձունքները հրթիռակոծուած են Լիբանանի կողմէ, որու հետեւանքով 9 մարդ մահացած է, 34-ը՝ տուժած: