image

Կոլանի հարուածէն ետք. Նաթանիահու կիսատ թողեց իր այցը եւ վերադարձաւ Իսրայէլ

Կոլանի հարուածէն ետք. Նաթանիահու կիսատ թողեց իր այցը եւ  վերադարձաւ Իսրայէլ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, որոշած է Կոլանի բարձունքներու հրթիռակոծութեան պատճառով ժամանակէն շուտ վերադառնալ Իսրայէլ։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետի գրասենեակը:

«Ողբերգութեան մասին լուրը ստանալէն անմիջապէս յետոյ վարչապետ Նաթանիահուն կարգադրած է արագացնել իր վերադարձը», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող Կոլանի բարձունքները հրթիռակոծուած են Լիբանանի կողմէ, որու հետեւանքով 9 մարդ մահացած է, 34-ը՝ տուժած: