image

Կրակոցներ Էջմիածնի մէջ. Թիրախ դարձած են ոստիկանութեան աշխատակիցներ

Կրակոցներ Էջմիածնի մէջ. Թիրախ դարձած են ոստիկանութեան աշխատակիցներ

Արմաւիրի մարզին մէջ, 22 ապրիլին, կրակոցներ հնչած են. Էջմիածին քաղաքի Զուարթնոց թաղամասին մէջ Օստրովսկիի փողոցի տուներէն մէկուն մօտ զինուած քաղաքացին մէկ հոգի դանակահարած  է ու սպառնացած է, որ կը վիրաւորէ անոր հարազատները։

Այս մասին Ժամը 01։30-ի սահմաններուն ահազանգ ստացած է Ոստիկանութեան Էջմիածնի բաժինը:

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, ոստիկանները պարզած են, որ նշուած վայրէն դանակահարուած վիճակի մէջ «Վաղարշապատ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 60-ամեայ Տիտալ Սլոյեանը։

Մինչ բժիշկները կը պայքարէին վիրաւորի կեանքի համար Էջմիածնի ոստիկանները պարզած են, որ Տ․ Սլոյեանին դանակահարած է անոր ազգականը՝ 41-ամեայ Ազիզ Սլոյեանը։

Ոստիկանութեան Էջմիածնի բաժնի դաշտային խումբը  մեկնած է դէպքի վայր ուր ալ անոնց ուղղութեամբ ինքնաձիգէն կրակոցներ հնչած են։ Այդ մասին տեղեկանալով կրակոցներու վայր ժամանած է Ոստիկանութեան Արմաւիրի մարզային վարչութեան խումբը:

Ոստիկանները սկսած են Ա․ Սլոյեանի հետ բանակցութիւններ վարել, որ ան վար դնէ զէնքը եւ ինքնակամ յանձնուի, սակայն ան շարունակած է կրակել, ապա պահ մը դադար տալէ ետք անգամ մըն ալ կրակած է:

Անկէ ետք ոստիկանները մօտեցած են կրակոցներու ուղղութեամբ, ուր ալ «ստորին ծնոտի հրազէնային վիրաւորումով» յայտնաբերած են Ա․ Սլոյեանը։ 

Ա․ Սլոյեանը տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Ոստիկաններն ու քննիչները դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերած են յանցագործութեան գործիք ինքնաձիգը, կրակուած պարկուճներ, վնասուած վիճակի մէջ Mercedes մակնիշի մեքենայ, արնանման հետքեր։