image

«Արտեմիս II» տիեզերանաւը Լուսնէն վերադարձած է Երկիր

«Արտեմիս II» տիեզերանաւը Լուսնէն վերադարձած է Երկիր

ՆԱՍԱ-ի «Արտեմիս II» տիեզերանաւը անվտանգ կերպով վերադարձած է Երկիր՝ աւարտելով Լուսնի շուրջ տասօրեայ ճանապարհորդութիւնը։ Կէս դարեայ դադարէ ետք սա առաջին թռիչքն էր Լուսնի շուրջ։

«Օրիոն» տիեզերանաւը վայրէջք կատարած է Խաղաղ ովկիանոսին մէջ՝ Քալիֆորնիոյ ափերուն մօտ։

Տիեզերանաւի անձնակազմին մէջ ընդգրկուած են տիեզերագնացներ Ռիտ Ուայզմըն, Վիքթոր Կլովըր, Քրիսթինա Քոխ եւ Քանատայի տիեզերական գործակալութեան տիեզերագնաց Ճերեմի Հանսըն։

Տիեզերանաւը 13 վայրկեան տեւած վայրէջքի ընթացքին մեծ արագութեամբ մուտք գործած է մթնոլորտ եւ տաքցած մինչեւ 2,760 աստիճան Սելսիուս։

Բարձր ջերմաստիճանի պատճառով առաջացած փլազմային շերտը կարճ ժամանակով ընդհատած է կապը անձնակազմի հետ։

Օդապարիկներու բացուելէն եւ արագութեան նուազումէն ետք «Օրիոն»-ը վայրեջք կատարած է ովկիանոսին մէջ։

Վերականգնողական խումբերը դուրս բերած են տիեզերագնացները, որոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի լաւ։

ՆԱՍԱ-ի ղեկավար Ճարետ Այզեքմըն յայտարարած է, որ գործակալութիւնը պատրաստ է տիեզերագնացները Լուսին ղրկելու յաջորդ առաքելութիւններուն։

«Արտեմիս II»-ի առաքելութիւնը մեկնարկած էր Ապրիլ 1-ին Քենետիի անուան տիեզերական կեդրոնէն՝ Space Launch System հրթիռով։ Սա «Օրիոն» տիեզերանաւի առաջին մարդատար թռիչքն էր եւ Apollo ծրագրէն ետք մարդոց առաջին արշաւախումբը դէպի խոր տիեզերք։

Ապրիլ 6-ին տիեզերանաւը պտոյտ կատարած է Լուսնի շուրջ՝ հեռանալով Երկրէն աւելի քան 400 հազար քիլոմեթրով։

 

«Արտեմիս II» առաքելութիւնը դարձած է դէպի Լուսին առաջին արշաւախումբը 1972 թուականի Դեկտեմբերին իրականացուած Apollo 17 ծրագրէն ի վեր։