Երէկ՝ սեպտեմբերի 27-ին, կրակոցներ հնչած են Արմաւիրի մարզին մէջ։ Ինչպէս յայտնած է Shamshayn.com-ը, ժամը 19:40-ի սահմաններուն ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան քրէական ոստիկանութեան ընդհանուր վարչութիւն եւ նոյն վարչութեան Արմաւիրի քրէական վարչութիւն տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Արաքս գիւղին մէջ կրակոցներ հնչած են եւ կայ վիրաւոր։
Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ ստացուած տեղեկութիւնը հաւաստի է։ Ոստիկանները եւ պարեկները կը պարզեն վիրաւորի ինքնութիւնը։
Դէպքի վայր հաւաքուած քանի մը քաղաքացիներ նշած էին, որ կրակոցներ արձակողը գիւղին մէջ յայտնի է որպէս հոգեկան խնդիրներ ունեցող։
Լրագրող Լիա Սարգսեանը յայտնած է, որ վիրաւորում ստացած քաղաքացին մահացած է։