Լոս Անճելըսի հայկական թաղամասերուն մէջ երեւցած եւ հակահայ բնոյթ կրող գրութիւն-թռուցիկները դատապարտումի մեծ ալիք բարձրացուցած են։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց համացանցէն։
Իսրայէլը հայերու թշնամի եւ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց բարեկամը համարող թռուցիկներուն մասին դատապարտագիրներ հրապապարակած են նաեւ ամերիկացի գործիչներ։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք եղածը դատապարտող մամլոյ ասուլիսին մանրամասնութիւնները, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Կլենտէյլի քաղաքապետ, հայազգի՝ Արտի Քասախեան։
Ուրբաթ, 31 Մարտին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ անոր կից գտնուող «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին շուրջ փակցուած էին հակահայ թռուցիկներ, որոնք նման էին Յունուարին, Պեվըրլի Հիլզի մէջ տեսնուած հակահայ թռուցիկներուն։
Կլենտէյլի թռուցիկներուն վրայ կը պնդուի, թէ Իսրայէլ կը զօրակցի Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն։
Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ կը հետապնդէ ատելութիւն սերմանող թռուցիկներուն հարցը, իսկ նոյն օրը, ոստիկանութեան կեդրոնին առջեւ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան «անընդունելի» որակեց պատահածը եւ խստօրէն դատապարտեց զայն։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեան վարիչ Եդուարդ Պարսումեան եւս դապարատեց հայահայ թռուցիկները՝ յիշեցնելով, թէ Պեվըրլի Հիլզի կողքին, նման հակահայ յարձակումներ վերջին քանի մը տարիներուն կատարուեցան նաեւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի Ֆերահեան եւ Մանուկեան վարժարաններուն ու Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գրուզեան-Զարգարեան-Վասպուրական վարժարանին դէմ:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը աւելի արդիւնաբեր հետախուզութիւն կը կատարէ՝ բացայայտելու համար պատասխանատուները։
Յիշեցնենք, որ Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը որոշեց կասեցնել հետապնդումը, որովհետեւ հասած էր այն եզրակացութեան, որ թռուցիկներուն մէջ արտայայտուածները պաշտպանուած են Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան առաջին յաւելուածով, որ կը վերաբերի արտայայտուելու ազատութեան:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Տեն Պորթմըն, Արա Նաճարեան, Էլեն Ասատրեան եւ Փօլա Տիվայն, ինչպէս նաեւ քաղաքի քարտուղար դոկտ. Սիւզի Ապաճեան։
Աւելի ուշ, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւս «խստագոյն ոճով» դատապարտեց հայակայ թռուցիկները։