Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն վերահասու կը դառնանք՝
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին իբրեւ բնաբան ընտրած էր «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ» եւ «սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» աւետարանական հատուածները։ Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ Աստուծոյ սիրոյ դրսեւորումն էր, որ Աստուածորդին մարմին զգեցաւ, երկրէն երկիր խոնարհեցաւ եւ իր անձը զոհաբերեց խաչին վրայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ սէրը Քրիստոսի ուսուցումներուն եւ առակներուն կորիզն ու կիզակէտը հանդիսացաւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն վերահասու կը դառնանք, թէ Շաբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը նշուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեղցւոյ մէջ։ Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարշ. Զոհրապ Սրկ. Եարալեան եւ Բարշ. Սեդրակ Սրկ. Քարատոլեան, ինչպէս նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներու մէջ ծառայող սարկաւագները։
Նախքան քարոզը, սարկաւագները քահանայական սաղաւարտներ հագած, սուրբ Խորան բարձրացան եւ միահամուռ երգեցին «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին իբրեւ բնաբան ընտրած էր «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ» եւ «սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» աւետարանական հատուածները։ Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ Աստուծոյ սիրոյ դրսեւորումն էր, որ Աստուածորդին մարմին զգեցաւ, երկրէն երկիր խոնարհեցաւ եւ իր անձը զոհաբերեց խաչին վրայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ սէրը Քրիստոսի ուսուցումներուն եւ առակներուն կորիզն ու կիզակէտը հանդիսացաւ։ Սրբազանը նաեւ նշեց, թէ մեր ծառայութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ մարդասիրութեան վրայ եւ ո՛չ եսասիրութեան վրայ։ Ապա, վեր առնելով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տիպարը, յորդորեց սարկաւագները ընթանալու Ս. Ստեփանոսի ծառայական ուղիէն եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակելու իրենց անսակարկ ծառայութիւնը՝ ի շինութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն ազգիս հայոց։



