image

Կիւմրիի մէջ սպանութիւն

Կիւմրիի  մէջ սպանութիւն

Այսօր՝ Փետրուար 27-ին, սպանութիւն տեղի ունեցած է Շիրակի մարզին մէջ: 

Ժամը 01:05-ի սահմաններուն Կիւմրի քաղաքի շտապօգնութեան կայանէն ոստիկանութեան Կիւմրիի Կումայրիի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը Աթարբեկեան փողոցի «Անդրանիկ»ի արձանի դիմացէն  Կիւմրիի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է   դանակահարուած քաղաքացի մը:

Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները ոստիկաններուն եւ քննիչներուն յայտնած են, որ վիրաւորը  իրենց մօտ տեղափոխուած է «աջ ազդրի վերին երրորդի  կտրած-ծակած վէրք, կենսաբանական մահ» ախտորոշմամբ:  Շիրակի մարզի ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Կիւմրի քաղաքժ բնակիչ, 35-ամեայ Վահագն Յարութիւնեանն էր:

Ոստիկանները Տիգրանեան փողոցի թիւ 100 հասցէի դիմաց յայտնաբերած են արնանման հետքեր:

Փաստի առթիւ Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշով յարուցուած է քրէական գործ:

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ` դէպքի հանգամանքները պարզելու, կատարողի անձը ճշդելու, անոր եւ յանցագործութեան գործիք առարկան յայտնաբերելու ուղղութեամբ: