image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ կը յայտարարէ Իրանի հետախուզութեան նախարարի սպանութիւնը

Իսրայէլ կը յայտարարէ Իրանի հետախուզութեան նախարարի սպանութիւնը

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը յայտարարած է, որ գիշերը իսրայէլական կողմի յարձակման հետեւանքով սպանուած է Իրանի հետախուզութեան նախարար Էսմայիլ Խաթիպը։ Այս մասին հաղորդած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը։

Իրանական կողմը դեռ չէ կատարած որեւէ մեկնաբանութիւն այս լուրի առթիւ։

Քացը նշած է, որ ինք եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն լիազօրած են զինեալ ուժերը սպաննել թիրախաւորուած իրանցի ցանկացած այլ բարձրաստիճան պաշտօնեայ՝ առանց լրացուցիչ հաստատման անհրաժեշտութեան։