image

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (11)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (11)

Ընձեռել եւ ընձեռնել

            Մեր օրերը հիմա կ’անցնին լեզուական դառն ու աւելի դառն անակնկալներով, որոնց հայթայթիչը արեւելահայ իրականութիւնն է իր բանաւոր ու գրաւոր խօսքերով: Ամէն օր դէմ- յանդիման կը գտնուինք այլանդակութեան մը, որ կու գայ գերազանցելու նախորդը ու այսպէս շարունակ:

            Ասոնց վերջինն է ընձեռնել-ընձեռնուել:

            Որով կը խաթարուի լեզուական հազարամեակներու  աւանդ մը, որ օրին եղած է ընձեռել-ընձեռուիլ  զոյգը ու այնպէս ալ շարունակած է ան իր լուսաւոր ուղին այսքան դարեր՝ ի վերջոյ զոհը դառնալու համար արեւելահայու չարաշուք անփութութեան:

            Իսկ բօթաբեր աղբիւրը հանդիսացաւ  «Առաջին  լրատուական»-ը, ուր կարդացի.  «Հայաստանին կ’ընձեռնուի պատմական նոր առիթ»  (1-8-21)[1]:

            Առաջին նուագ չուզեցի հաւատալ աչքերուս, թէ կրնայ նման բան մը տեղի ունենալ, մանաւանդ որ   լաւ տպաւորած են զիս  Արման Բաբաջանեանի,− որ տէրն է այդ կայքին,−  լեզուական բարքերը, որոնք յարաբերաբար առողջ են բաղդատած իր շրջապատին:

            Եւ զայն վերագրեցի ինչ-որ պատահական վրէպի մը, շուարումի մը, բայց յետոյ չկրցայ խուսափիլ դիմելէ բառարաններուն, որոնց բոլորն ալ ունին  թէ՛ ընձեռել-ընձեռուիլ դասական ուղիղ ձեւը, թէ՛ ընձեռնել-ընձեռնուիլ աղաւաղ ձեւը:

            Ոչ մէկ խտրութիւն հրէի ու հեթանոսի միջեւ. իրենց դռները լայն բացած են երկուքին առջեւ ալ:

            Այսպէս, երեւոյթը հանդուրժուած ու նուիրականացած կը ներկայանայ Ակադեմիայի քառահատորին մէջ, ուր կը գտնենք՝

            ---ընձեռել  եւ  ընձեռուել-ընձեռնուել

            Իսկ Էդիկ Աղայեան աւելի առաջ երթալով լրացուցած է յարացոյցը.

            ---ընձեռել-ընձեռուել եւ ընձեռնել-ընձեռնուել

            Այլ խօսքով՝ համարժէք կը նկատուին՝  մէկ կողմէ ընձեռել-ընձեռուիլ, միւս կողմէ՝ ընձեռնել-ընձեռնուիլ.  ոչ մէկ զգուշացում, ոչ մէկ արգելք , ոչ մէկ խտրութիւն:

            Այս նուիրագործումը տեղի ունեցած է 20-րդ դարու երկրորդ կէսին, այն կէսին, ուր կը գործէր  «Տերմիմաբանական կոմիտէն», որ ենթադրուած էր իբրեւ արթուն պահակ՝ տնօրինել հայերէնի իւրաքանչիւր բառն ու հնչիւնը: Ու տակաւին այդ կոմիտէութեան կազմին մէջ էին թէ՛ Էդիկ Աղայեանը, թէ՛ Ակադեմիայի քառահատորի  հեղինակներէն շատերը:

            Ուրեմն մեղանչումը, դուք ըսէք՝ դաւադրութիւնը,  կամաւոր ու  համատարած էր:

            Մինչդեռ կացութիւնը տակաւին հիմնովին  տարբեր էր  քանի մը տարի առաջ՝ Մալխասեանի օրերուն՝ 1944-ին: Արդարաեւ այդ թուականին Մալխասեան ընդունած է մի՛այն ընձեռել,−  եւ անշուշտ ասոր կրաւորականը,−  եւ մերժած է ընձեռնել-ը՝ ընթերցողը յղելով առաջինին՝  միակին՝ ընձեռել-ին:

            Ի՞նչն էր եւ ինչո՞ւ փոխուեցաւ այդ քանի մը տարիներուն:

            Փոխուեցաւ բառարանագրական ամբողջ աշխարհահայեացք մը, որ  թելադրուած  էր համայնավար   սկզբունքէ մը,  որ    մահացու էր ազգային լեզուներուն համար:  Իսկ այդ սկզբունքը կ’ըսէ. «Տուեալ լեզուին մաս կը կազմեն այն բոլոր բառաձեւերը,  որ  ժողովուրդը կը կիրարկէ իր պատմութեան մէկ փուլին»:

            Ահա մեկնելով այս սկզբունքէն ալ՝ բառարանագիրը ենթադրուած է տեղ տալ աղաւաղուած ձեւերուն եւս, եթէ անոնք կիրարկութեան կարգավիճակ ստացած են հանրութեան կողմէ:  Այս տրամաբանութեամբ ալ՝  բառարանագիրը պարտի իր բառարանին մէջ տեղ տալ  ընձեռնել-ընձեռնուիլ-ին ու նմաններուն եւս, քանի հանրութիւնը այդպէս կ’արտասանէ այդ բառը եւ նմանները: Այլ խօսքով՝ բառին տէրը հանրութիւնն է եւ ոչ թէ բառարանագիրը, որ ոչ մէկ ուղղորդական-ընտրողական  դեր ունի այս պարագային:

            Այս սկզբունքին առջեւ տեղի տալով է որ արեւելահայ բառարանները ողողուեցան հազարաւոր ու տասնեակ հազարաւոր թուրք-ազերիական ու եւրոպական ծագում ունեցող բառերով: Մեր այնքան շնորհալի բառարանագիրները, որոնք ենթադրուած էին ուրոյն ուսուցիչները դառնալու հայերէնին, դադրեցան զայն   առաջնորդելէ, դադրեցան գուրգուրալէ անոր անաղարտութեան վրայ:

            Այսօր  միջին արեւելահայը ոչ իսկ գիտէ, օրինակ, որ  խաբար (լուր), չախմախ (հրահան), չոբան (հովիւ, չփլախ (մերկ)  թրքերէն են[2]. շատ-շատ պիտի ըսէ՝ ժողովրդային են: Կամ թէ՝ աբորտ (վիժում), բանկ (դրամատուն), դեբիլ (յիմար, թերաճ),  իմիջ (պատկեր, կերպար) օտար՝ եւրոպական բառեր են: Ոչ միայն չեն կրնար պատկերացնել նման նկատողութիւն մը, այլեւ յիմարի տեղ կը դնեն քեզ, եթէ փորձես ակնարկել,   ա՛լ չեմ ըսեր...դարձի հրաւիրել զիրենք: Այս այսպէս է վարձակառքի  յետին վարորդէն մինչեւ բարձրագոյն ակադեմականն  ու մտաւորականը: Մարդիկ պարզապէս դադրած են խրտչելէ «օտար» եզրէն  եւ լսել անգամ չեն ուզեր նման բան:   

            Այս տուեալներով՝ ո՞ւր է  ժողովուրդը կրթելու եւ զայն վերահայացնելու միջոցը, որովհետեւ ստուգապէս վերահայանալու կարիքը ունի ան, եւ այդ կարիքին գոհացումը կախեալ է մասնաւորաբար մատաւորականութենէն: Ճիշդ է, որ լեզուն ժողովուրդը կը շինէ,  եւ ան չի խնայեր օտարաբանութիւններու փոխառութեան,  սակայն զայն առաջնորդողը, մաքրողը, որակաւորողը ենթադրուած է ըլլալ մտաւորականութիւնը՝ մասնաւորաբար  բառարանագիրը, գրողը, բայց նաեւ լրագրողը, ուսուցիչը եւ այլն:

                                                                              *   *   *

            Այս կացութիւնը շրջելու առաջին առողջ քայլերէն մէկը  կրնայ ըլլալ արեւելահայ բառարաններէն թուրք-ազերիական ու եւրոպական բառերու արտաքսումը, որպէսզի արեւելահայ մատղաշ սերունդներըը անոնցմով հաղորդուելու եւ զանոնք իւրացնելու առիթէն զերծ մնան: Ճիշդ է, մէկ օրէն միւսը անոնք պիտի չվերնան առօրեայ բարքերէն, սակայն բառարանային նեցուկի բացակայութիւնը շատ բան կը փոխէ կացութենէն:

            Այստեղ գտնուող թրքերէն բառերուն գրեթէ բոլորը գոյութիւն ունեցած են արեւմտահայերէնի մէջ եւս.  սակայն անոնք որեւէ ատեն բառարան չեն մտած  «բարբառային,  գաւառական, ժողովրդախօսակցական» մերժելի պիտակներու տակ, որով կարելի եղաւ հարիւրաւոր-հազարաւոր թրքերէն բառերու վերացումը մեր բարքերէն:

             Միւս կողմէ  որեւէ  աղաւաղեալ բառ իր կարգին  չէ մտած արեւմտահայ  բառարան, որքան ալ ժողովուրդը կառչած ըլլայ անոր, այլ՝ տեղ տրուած է դասական-վաւերական բառաձեւերուն միայն:

            armenag@gmail.com                                                                                   Արմենակ Եղիայեան



[1] Ընձեռնել ըսաւ նաեւ Կնեազ Հասանովը 2 օգոստոս 2021-ին՝ իր բացման խօսքին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովին, որուն կը նախագահէր իբրեւ երիցագոյն  անդամ:

[2]  Արմէն Աշոտեան կոչուած թրքատիպ վիժուածքը շափալախ «ապտակ» կը գործածէ հրապարակաւ: