Քննչական կոմիտէն խուզարկած է Արաբկիրի թաղապետ Արամ Ազատեանի հօր եւ աներոջ տուները:
Տեղեկութիւնը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին հաստատած է Ազատեանի փաստաբանը՝ նշելով, որ խուզարկութիւնները կատարուած են դեռ յուլիս 3-ին: Խուզարկուած են հօր եւ աներոջ բնակարանները, դատարանի թոյլ տուած որոշմամբ՝ արձանագրուած իրերն ու առարկաները փորձած են յայտնաբերել:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ազատեանը օգոստոս 9-ին տեղափոխուած է կալանավայր, անոր կալանաւորման ժամկէտը մինչեւ սեպտեմբեր 3-ն է:
Յիշեցնենք՝ յուլիս երեքին Արաբկիր վարչական շրջանի աշխատակազմի հետ քննչական գործողութիւններ կատարուած էին։ Ազատեանը բերման ենթարկուած էր, իսկ աւելի ուշ դատարանը անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրած էր տնային կալանքը եւ 30 միլիոն դրամ գրաւ կիրառած:
Օգոստոս 8-ին փոխուած է Արաբկիրի նախկին թաղապետ Արամ Ազատեանի խափանման միջոց տնային կալանքը՝ կալանքի: