Բրիտանացի միլիառատէր Հեմիշ Հարտինկը գտնուած է պաթիսքաֆի (ծովերու եւ ովկիանոսներու մեծ խորութիւններու մէջ գիտական եւ հետազօտական աշխատանքներ կատարելու համար նախատեսուած խորջրեայ ինքնագնաց սարք, որ կրնայ ջրասուզակներէն շատ աւելի խոր ընկղմիլ-Խմբգ.) վրայ, որ անհետացած է Աթլանթեան ովկիանոսին մէջ՝ դէպի «Թիթանիք» մարդատար նաւու խորտակման վայր պտոյտի ժամանակ:
Անոր մէջ ընդհանուր եղած է հինգ մարդ։ Այն, որ Հարտինկը եղած է ստորջրեայ նաւուն մէջ, յայտնած է անոր խորթ որդին դիմատետրի էջին:
Անոր խօսքով՝ որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։
Հեմիշ Հարտինկը 58-ամեայ գործարար է, օդանաւերու վաճառքով եւ շահագործմամբ զբաղող Action Aviation-ի սեփականատէր: Ան որպէս զբօսաշրջիկ թռած է տիեզերք Blue Origin տիեզերանաւով: Ան Կինեսի գիրքի մէջ եռակի մրցանիշ գրանցած է՝ Երկրի շուրջ ամենաարագ շրջագայութիւնը երկու բեւեռներով, ովկիանոսի ամենախոր հատուածին մէջ անցած ամենաերկար ճանապարհը, այդպիսի խորութեան վրայ ամենաերկար տեւողութեամբ մնալը:
«Թիթանիք» մարդատար նաւը խորտակուած է 1912 թուականի 15 ապրիլի գիշերը Մեծ Բրիտանիայէն Միացեալ Նահանգներ ճանապարհին։ Ատոր բեկորները կը գտնուին 3,8 հազար մեթր խորութեան վրայ։