image

Փիէռ Շամմասեան.«Հայ լեզուն ամենախորհրդաւոր լեզուն է աղօթքներուն համար եւ շնորհակալ եմ բոլորէդ» (Տեսանիւթ)

  Փիէռ Շամմասեան.«Հայ լեզուն ամենախորհրդաւոր լեզուն է աղօթքներուն համար եւ շնորհակալ եմ բոլորէդ» (Տեսանիւթ)

  Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք,որ աւելի վաղ «Արեւելք» հրապարակած էր ամփոփ լուր մը Շամմասեանի «Քովիտ»ով վարակուած ըլլալուն մասին նշելով նաեւ, որ վերջինիս վիճակը կայուն է։

 

«Իսկապէս լաւ եմ, եւ մտահոգուելու պատճառ չկայ», այսօր  «Արեւելք»ի պատուհանով իր սիրելիներուն ըսաւ լիբանանահայ անուանի եւ տաղանդաւոր դերասան՝ Փիէռ Շամմասեան։ 

Շամմասեան, որ յայտնի է իր զուարճախօսութեամբ եւ մանրապատումներով նաեւ դիտարակած է, որ «Հայերէն լեզուն բացառիկ է, որովհետեւ աղօթքներու լեզու է եւ ձեր բոլորին աղօթքները տեղ հասած են արդէն»։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք,որ աւելի վաղ «Արեւելք» հրապարակած էր ամփոփ լուր մը Շամմասեանի «Քովիտ»ով վարակուած ըլլալուն մասին նշելով նաեւ, որ վերջինիս վիճակը կայուն է։

 Նշենք նաեւ, որ Շամմասեանի տեսանիւթը մեզի փոխանցուեցաւ լիբանանահայ լրագրող Գէորգ Տէրտէրեանին ճամբով, որուն համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնները։