image

Խօսք շնորհաւորանքի. Սուրբ Սրտերու քոյրերու միաբանութեան գլխւաոր խորհուրդի ընտրութեան առթիւ.Հայր Գրիգոր Գերպ. Պատիշահի գրառումը

Խօսք շնորհաւորանքի. Սուրբ Սրտերու քոյրերու միաբանութեան գլխւաոր խորհուրդի ընտրութեան առթիւ.Հայր Գրիգոր Գերպ. Պատիշահի գրառումը

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Հ. Գրիգոր Գերպ. Պատիշահի գրիչէն կը կարդանք ՝

 Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք Լիբանանի Սուրբ Սրտերու քոյրերու միաբանութեան Գլխաւոր Խորհուրդի ընտրութեան առթիւ մաղթելով անոնց նորանոր նուաճումներ եկեղեցական եւ մարդասիրական առաքելութեան մէջ։

Այս առթիւ յատուկ շնորհաւորանքներ կը յղենք ն Մայր Պեռնատէթ Ռուհայմին, որ նաեւ ստանձնած է առողջապահութեան ոլորտին մէջ հովվական խնամքի եպիսկոպոսական հանձնաժողովի փոխնախագահի պաշտօնը։ Յոյսով ենք, որ ինք շարունակելու է առաջնորդել միաբանութիւնը իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ՝ Աստուծոյ փառքին եւ Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն բարօրութեան համար։

Նոր խորհուրդին մէջ ընդգրկուած են նաեւ չորս խորհրդականներ՝ քոյր Էմիլի Թաննուսը, քոյր Նաուալ Ակիկին, քոյր Քարոլին Էլ-Ռային եւ քոյր Սամիա Գրեյգեն, որոնց կը մաղթեմ յաջողութիւն իրենց նոր նուիրական պաշտօններուն մէջ։