image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ուքրանիոյ Պատերազմին անխուսափելի հետեւանքները

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ուքրանիոյ  Պատերազմին  անխուսափելի հետեւանքները

Կարծէք թէ դադար պիտի չունենայ Ուքրանիոյ պատերազմը եւ անխընայօրէն շարունակէ իր աւերիչ ընթացքը: Ռուսական կողմէն անվերջ հաւաստիացումներ կը հասնին որ քաղաքացիական հասարակութիւնը չէ ռմբակոծման թիրախը, սակայն լուրերն ու նկարները այլ բան կը պարզեն երբ հեռուստացոյցի պաստառին վրայ փուլ կու գան բնակելի հսկայ շէնքեր` համապատասխան հետեւանքներով: Արդէն Ուքրանիոյ սահմանը հատող գաղթականներու թիւը կը մօտենայ շուրջ երկու միլիոնի: Դրացի երկիրներ – եւ մինչեւ անգամ Հայաստան – կը հիւրընկալեն այդ գաղթականները: Բնականաբար, հայոց սիրտին համար չափազանց զգայուն է դիտել փախուստ տուած գաղթականներու զանգուածները, որոնք համահունչ են Արցախի գաղթականներու ճակատագրին հետ:

Հայկական կողմին վրայ կը պարզուի նաեւ զարմանքի եւ զայրոյթի ալիք մը թէ ինչո՞ւ քաղաքակիրթ աշխարհը անտարբեր մնաց 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, մինչ այսօր Ուքրանիան դարձած է համաշխարհային ուշադրութեան եւ գութի առարկայ:

Այս տարբերութեան պատճառներէն մէկը այն է որ Արցախի պատերազմի նախօրէին Թուրքական դիւանագիտութիւնն ու ատրպէյճանական փեթրօ-տոլարները պատրաստած էին հանրային կարծիքը` արդարացի նկատելու Ատրպէյճանի նախայարձակումը` իր «պատմական հողերը» ազատագրելու: Հայերս այդ հնարաւորութիւնը չունէինք: Ազերիները մինչեւ անգամ ՄԱԿի երկիմաստ որոշումները յաջողեցան օգտագործել ի նպաստ իրենց:

Այսօր երկրագունդի երեսին քաշուած են քաղաքական գիծերը եւ ազգերու մեծամասնութիւնը դիրքաւորուած է Ռուսաստանի դէմ, երկընտրանքի առջեւ դնելով Հայաստանը: Եւրոպայի Խորհուրդին եւ ՄԱԿի ընդհանուր համաժողովին Հայաստան յաջողեցաւ իր արտաքին քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանել, ձեռնպահ մնալով քուէարկութեան ընթացքին: Նկատելի փաստ մըն է նաեւ Չինաստանի ընթացքը. Պէյճին եւս, Հայաստանի նման, ձեռնպահ մնաց ՄԱԿի քուէարկութեան, հակառակ որ Չինաստանի նախագահը Ձմեռնային Ողիմպիականի ընթացքին վստահեցուցած էր նախագահ Փութինը թէ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի բարեկամութեան ու գործակցութեան մէջ «սահմաններ չկան»:

Ցարդ ձեռնպահ մնալով Հայաստան պիտի չկրնայ երկար ատեն պահել իր չէզոքութիւնը: ՄԱԿի քուէարկութեան ընթացքին միայն հինգ երկիրներ քուէարկած են ի նպաստ Ռուսաստանի: Այս մեկուսացման դիմաց շատ հաւանաբար Մոսկուա փորձէ պատերազմին մէջ քաշել նաեւ Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի երկիրները, ինչպէս ըրաւ Ղազախստանի խլրտումներուն պարագային: Իսկ այդ կազմը բացարձակ լռութիւն պահած էր Արցախեան պատերազմին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններու խախտումին առիթով:

Երբ Հայաստան մտահոգուած է Ուքրանիոյ պատերազմի ելքով` տնտեսագէտներ հաշուարկումներ կը կատարեն թէ որքան ծանր պիտի նստին Հայաստանի վրայ Ռուսաստանի դէմ գործադրուած Արեւմուտքի պատժամիջոցները, որովհետեւ Ռուսաստան ամենամեծ շուկան է Հայաստանի արտադրանքներուն: Նոյնիսկ եթէ Հայաստան շարունակէ իր առեւտուրի մէկ մասը Ռուսաստանի հետ, ռուբլիի թաւալգլոր անկումը դարձեալ պիտի հանդիսանայ տնտեսական հարուած մը:

Ուքրանիան գոհ է Հայաստանի վարած չէզոք քաղաքականութենէն, թէեւ Զելինսքիի կառավարութիւնը նման վերաբերում մը չունեցաւ արցախեան պատերազմին. այլ ընդհակառակն զէնք տրամադրեց Ատրպէյճանին` մասնակցելու հայոց դէմ մղուած արիւնահեղութեան: Արեւմուտքը եւս գոհ է Հայաստանի վարքագիծէն եւ կը փորձէ առիթէն օգտուիլ` Հայաստանը հեռացնելու Ռուսաստանէն. օրինակ, վերջերս Ֆրանսայի նախագահը` Էմմանուէլ Մաքրոն, գովեստով խօսած է Հայաստանի մասին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրած է Փարիզ, միասնաբար նշելու դիւանագիտական կապերու հաստատման 30-ամեակը: Այդ հրաւէրը ծուղա՞կ մըն է Հայաստանը հեռացնելու Ռուսաստանէն թէ Ֆրանսայի տեղական ընտրական խաղ: Այդ մասին պէտք է լրջօրէն խորհըրդածէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը:

Վրաստանն անգամ, որ լուրջ խնդիրներ ունի Մոսկուայի հետ, կը վարէ զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը . օրինակ Վրաստան մերժեց մասնակցիլ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն եւ նոյնիսկ ընդդիմացաւ իր օդային տարածքը փակելու Արեւմուտքի պահանջին: Սակայն, Վրաստանի դիմաց կը պարզուի նոր փորձութիւն մը երբ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարը` Սթոլցընպըրկ կ'առաջարկէ ՆԱԹՕի ռազմափորձեր կատարել Վրաստանի մէջ: Հետաքրքրական է որ Մոսկուա ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն ցոյց պիտի տայ այդ բացայայտ գրգռութեան դիմաց եւ Վրաստան որքանո՞վ պիտի կրնայ շարունակել իր զգուշաւոր քաղաքականութիւնը:

Հակառակ որ պատերազմի աղէտը բաւական հեռու է Հայաստանի սահմաններէն, սակայն, այսօրուան համաշխարհայնացման պայմաններուն ներքեւ ամէն աղէտ կրնայ մօտենալ Հայաստանի սահմաններուն:

Պատերազմի ելքին մասին կը կատարուին բազում գուշակութիւններ, որոնց բոլորն ալ կը մատնանշեն բաւական աղէտալի հեռանկար մը: Վերջերս Ֆրանսայի նախագահը` Մաքրոն հեռախօսազրոյց ունեցած է նախագահ Փութինի հետ. իր եզրակացութի՞ւնը - «սպասել յոռեգոյնին»: