Քամալա Հարրիս նոր շունչ բերաւ ընտրապայքարին ու ոգեւորեց բոլոր անոնց, որոնք չէին ուզեր քուէարկել ո’չ Պայտընին եւ ո’չ ալ Թրամփին: Յուսանք ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը կատարէ ճիշդ ընտրութիւն եւ Ամերիկան կ’ունենայ հաւասարակշռուած ու լայնախոհ նախագահ մը, որ բարձր կը պահէ Միացեալ Նահանգներու վարկն ու հեղինակութիւնը:
Նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրապայքարէն դուրս գալով ու փոխ նախագահ Քամալա Հարրիս զինք փոխարինելով, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարը ենթարկուեցաւ այլափոխութեան: Յուլիս 21-ին, Պայտըն ընդառաջելով Դեմոկրատ ղեկավարութեան խնդրանքներուն յայտարարեց, որ պիտի չշարունակէ ընտրապայքարը` Հանրապետական Տանոլտ Թրամփի դէմ ու իր աջակցութիւնը յայտնեց փոխ նախագահ Հարրիսին:
Այդ թուականէն առաջ բոլոր հարցախոյզերը կը շարժէին Թրամփի ուղղութեամբ, մանաւանդ բանավէճի ընթացքին 82 տարեկան Պայտընի ֆիզիքական ու մտային կարողութեան շուրջ ի յայտ եկած մտահոգութիւններու լոյսին տակ: Երբ Դեմոկրատները արագօրէն համախմբուեցան Քամալա Հարրիս թեկնածութեան շուրջ, պատկերը ամբողջովին շրջուեցաւ:
Ներկայիս, տարբեր հարցախոյզերու համաձայն, միջին հաշուով Հարրիս 4 տոկոսով առաջ է Թրամփէն` ժողովրդային ձայներով: Բայց Ամերիկեան ընտրական օրէնքը այնպիսին է, որ յաղթողը կը որոշուի նահանգներու ընտրական ձայներով: Նահանգներու մեծ մասին մէջ բացառձակ առաւելութիւնը կը պատկանի մէկ կամ միւս թեկնածուին: Կը մնան փոքր թիւով նահանգներ, ուր արդիւնքը անորոշ է եւ այժմ ընտրապայքարը կ’ընթանայ այդ նահանգներուն մէջ ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներուն տիրանալու համար: Այդ նահանգներուն մէջ եւս Հարրիս առաջ անցած է Թրամփէն, սակայն նուազ տարբերութեամբ: Փոխ նախագահին համար բաւարար է յաղթանակ ապահովել միայն Ուիսքանսոնի, Միշիկընի եւ Փենսիլվենայի մէջ: Թրամփի համար ճանապարհը աւելի բարդ է եւ ան պէտք ունի նաեւ մի քանի այլ նահանգներու եւս, որոնց շարքին Նեւատան, Արիզոնան եւ կամ Ճորճիան:
Քամալա Հարրիսի արագ յառաջխաղացումին կը նպաստեն անոր աւելի երիտասարդ ըլլալու հանգամանքը, իգական սեռին պատկանիլը եւ ամենէն կարեւորը` ներկայացուցած ծրագիրները, որոնք կը ձգտին բարելաւելու միջին դասակարգի կեանքը:
Միւս կողմէ, Պայտընի պատկերէն դուրս գալով 78 տարեկան Թրամփը դարձաւ Ամերիկայի պատմութեան ամենէն տարեց թեկնածուն: Անոր ներկայացուցած ծրագիրները անբաւարար են համոզելու ընտրողները, որ ան պիտի գործադրէ զանոնք, երբ ան իր պաշտօնավարման նախորդ շրջանին չկարողացաւ իրականացնել իր նախընտրական խոստումներուն մեծ մասը` սկսած Մեքսիքայի հետ սահմանի երկայնքով պատ կառուցելու ծրագիրը, որուն ծախսերը իբրեւ թէ պիտի վճարէր Մեքսիքան ինքը: Թրամփ նաեւ առաջին թեկնածուն է, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի որպէս քրէական դատապարտեալ եւ մի քանի այլ դատական գործերով ամբաստանեալ, որոնցմէ գլխաւորը կը վերաբերի 2020-ի Յունուար 6-ի յարձակումը Գափիթոլի շէնքին վրայ, երբ կը գումարուէր Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան միատեղ նիստը` հաստատելու համար Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը: Թրամփի առաջին շրջանը յատկանշուեցաւ նաեւ, կեղծիքներով, օրէնքներու ու սահմանադրական բազմաթիւ խախտումներով:
Ամերիկացի ժողովուրդը կ’ուզէ Սպիտակ Տան մէջ տեսնել նախագահ մը, որ իր պաշտօնի բարձրութեան գիտակցութիւնը ունի, եւ ոչ թէ մէկը, որ ինքնասիրահարուած ու բարոյապէս խոցելի անձնաւորութիւն մըն է ու իր նպատակին հասնելու համար պատրաստ է դիմելու ամէն միջոցի` ներաոեալ բռնութիւններու, որոնք խորթ են Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական սկզբունքներուն:
Ընտրութիւններուն մնացած են նուազ քան տասը շաբաթներ եւ Ամերիկան ու ամբողջ աշխարհը կը սպասեն արդիւնքներուն, որոնք պիտի ազդեն ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու ապագային վրայ` այլ եւ երկրագունդի տարբեր երկիրներու եւ ազգերու ճակատագրին վրայ:
Քամալա Հարրիս նոր շունչ բերաւ ընտրապայքարին ու ոգեւորեց բոլոր անոնց, որոնք չէին ուզեր քուէարկել ո’չ Պայտընին եւ ո’չ ալ Թրամփին: Յուսանք ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը կատարէ ճիշդ ընտրութիւն եւ Ամերիկան կ’ունենայ հաւասարակշռուած ու լայնախոհ նախագահ մը, որ բարձր կը պահէ Միացեալ Նահանգներու վարկն ու հեղինակութիւնը:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»