Այլեւս գաղտնիք չէ, որ իր անձը խնկարկելը եւ փաղաքշական խօսքերով գովաբանելը կարեւոր են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի բարեկամութեան արժանանալու եւ զինք սիրաշահելու համար:
Այս քայլի կարեւորութեան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ արաբական «Ալ-Արապիյէ» հեռատեսիլի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին կը քծնէր Ամերիկայի նախագահին, նոյնիսկ պաշտպանելով անոր յերիւրանքները` 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասին:
Հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւ կը յայտնէ Թրամփի մասին իր երկը մասին ու կ’ըսէ, թէ խորքային «պետութիւնը գողացաւ անոր ընտրութիւնը»: Թրամփ չընդունելով իր պարտութիւնը նախագահ Ճօ Պայտընի դէմ կը շարունակէ պնդել, որ ընտրութիւնները կեղծուած էին, հակառակ, որ բոլոր մակարդակի դատարանները, ներառեալ Գերագոյն Դատարանը, որուն անդամներու մեծամասնութիւնը նշանակուած են Թրամփի եւ այլ Հանրապետական նախագահներու կողմէ, մերժած է Թրամփի պնդումները: Ալիեւ, այս լարին վրայ խաղալով կ’ուզէ շահաբաժին ապահովել Ամերիկայի նախագահին մօտ« որուն վարկանիշը արդէն իսկ իջած է 38 տոկոսի:
Ալիեւ կը գովէ նաեւ Թրամփի խաղաղութեան համար տարած ջանքերը` Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ, աւելցնելով, որ ան իսկապէս արժանի է խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակին: Շատեր սակայն կը կասկածին որ Թրամփին չի կրնար շնորհուիլ այդ հեղինակաւոր մրցանակը նկատի առնելով անոր վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը: Թրամփ խոստացած էր 24 ժամուան ընթացքին դադրեցնել Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմը, սակայն իր պաշտօնավարումէն վեց ամիս ետք խաղաղութիւնը կը մնայ պատրանք: Նոյնպէս, Կազզայի հարցով իր տուած խոստումները, որոնք ոչ միայն չիրականացան այլ հոն տիրող ողբերգութիւնը վերածուեցաւ իսկական սովի: Իսկ Ամերիկայի մասնակցութիւնը Իրանի դէմ Իսրայէլի պատերազմական գործողութիւններուն, եկան ջրելու խաղաղութեան մասին անոր խօսքերը: Կարծէք այս բոլորը չէին բաւեր, հիմա Թրամփ կ’ուզէ փոխել Պաշտպանութեան Նախարարութեան անունը` զայն վերածելու համար ՙպատերազմի նախարարութեան»:
Ներքին ճակատի վրայ եւս Թրամփ ցոյց կու տայ իր բռնապետական հակումները` դիմակաւոր բանակայիններ քաղաքներ մտցնելով ու փողոցներէն մարդ հաւաքելով ու առանց պաշտպանուելու իրաւունքի զանոնք երկրէն արտաքսելով` անոնց մէջ նոյնիսկ օրինաւոր կեցութեան իրաւունք ունեցողները:
Գալով Ալիեւին ան կը փորձէ Թրամփը օգտագործել որպէս օրինակ ու կը քննադատէ ամերիկեան մամուլը« որ կասկածի տակ կ’առնէ իր 20-ամեայ պաշտօնավարումը եւ վերընտրութիւնը` վերջին անգամ 92 տոկոս ձայներով:
Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, Ամերիկայի մէջ կը գործեն անկախ դատարաններ, որոնք կը յաջողին որոշ չափով զսպել Թրամփի ախորժակները:
Ատրպէյճանի բանտերը լեցուած են հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներով եւ բացարձակապէս գոյութիւն չունին խօսքի ու մամուլի ազատութիւն, որոնց մասին միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները մնայուն կերպով ահազանգ կը հնչեցնեն:
Մինչեւ օրս Ալիեւ կը կարողանայ իր ժողովուրդը պահել հսկողութեան տակ` օգտագործելով Ղարաբաղի հարցը եւ Հայաստանի հետ պատերազմը: Խաղաղութեան հաստատումը իրականութեան վերածուելու պարագային պիտի գայ Ատրպէյճանի ժողովուրդին հերթը` ձերբազատուելու տարածաշրջանի վերջին բռնապետէն ու կառուցելու խաղաղ ու բարեկեցիկ երկիր:
Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, Ամերիկացիք իրենց հարցերը կրնան լուծել իրենք ձեռքով եւ պէտք չունին Ալիեւի խրատներուն:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»