Լիբանան քաղաքական դժուարագոյն պայմաններու մէջ կ՛ոգեկոչէ Նահատակաց օրը: Համեմատաբար աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ ալ արդէն օրը կորսնցուցած էր իր բուն իմաստը եւ վերածուած Մամլոյ նահատակներու օրուան: Ազգային օրացոյցի ամբողջական ձեւախեղում տեղի կ՛ունենար, խորհուրդի վերափոխում` զուտ քաղաքական նպատակներով:
Մայիս 6-ը լրագրողներու, մտաւորականներու կամ հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդող հասարակական գործիչներու կախաղան բարձրացման օրուան նշումն էր, այդուհանդերձ անիկա կը խորհրդանշէր Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան հետեւանքով այս երկրի բնակիչներուն դէմ ցեղասպանական քաղաքականութեան զոհ գացած հարիւր հազարաւորներուն յիշատակը:
Տասնամեակներէ ի վեր ամբողջ ջարդարարական քաղաքականութեան զոհ գացած զանգուածներու յիշատակը կը վերածուէր քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մամուլի նահատակուած գործիչները յիշատակելու օրուան: Վերջերս է, որ փոքր լրացումներով կը փորձուի ամրագրել «մամլոյ նահատակներ» հասկացողութիւնը` անոր մէջ ներառելով կախաղան բարձրացած լրագրողներու յիշատակը:
Այստեղ լրագրողներու առանձնացումը արդէն բուն խորհուրդի նենգափոխում է, զուտ քաղաքական նպատակներով: Գուցէ նաեւ Անգարայէն եկած պատուէրով, լուռ նախապայմանով:
Խորհուրդի նենգափոխումը հայկական առումով եւս այժմէական նշանակութիւն կ՛ունենայ, երբ պաշտօնական գրառումներ պետական բարձրագոյն մակարդակներէ Ցեղասպանութեան եզրին տեղ Մեծ եղեռն կ՛օգտագործեն: Մեծ եղեռնը աշխարհաքաղաքական կեդրոններէ յաճախ ժխտողականութեան մաս, ցեղասպանութիւն եզրի խուսափումի ելք էր:
Հիմա Թուրքիոյ օդային տարածք կը փակուի` «Նեմեսիս» խորհրդանշող արձանի կանգնեցման դիմաց. աւելի՛ն, կը պահանջուի կազմաքանդել արձանը, իբրեւ նախապայման` Երեւան- Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման:
Այս նախապայմանային վարքագիծը գործած է յայտնաբար նաեւ մայրիներու երկրին մէջ: Ազգային տօնացոյցի խորհուրդները չեն փոխուիր ինքնաբերաբար. կը կատարուին քաղաքական նպատակներով, մաս կը կազմեն քաղաքական առեւտուրներու: Խնդիրը այն է, որ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ կրնան լոյսեր մարուիլ, խորհրդանիշներ համապատասխան պաշտօնական պատկերներէ հեռացուիլ, եզրաբանական խուսափումներ արձանագրուիլ կամ ամբողջ ազգի մը նահատակութեան օրը վերափոխուիլ` առանց համաժողովրդային հակազդեցութիւններու:
Ուրեմն հասարակութիւններու մէջ ալ պէտք է տարուի համապատասխան աշխատանք, նման ազգային առաջնահերթ նիւթերու նկատմամբ զգայազրկելով ամբողջ զանգուածները: Որպէսզի երբ Մեծ եղեռնը փոխարինէ Ցեղասպանութիւնը, ժողովուրդը չհակազդէ: Որպէսզի երբ ամբողջ սովամահական ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը վերածուի նահատակ լրագրողներու օրուան, համաժողովրդային ընդվզում չձեւաւորուի:
Առանց երկրորդ ուղղութեան բթացումին, առաջինները դժուար թէ իրականանան: Գործադիր իշխանութիւնները յաճախ ազգային շահը կը զատորոշեն պետական շահէն եւ երկրորդի գերակայութեամբ կը փորձեն արդարացնել եւ հիմնաւորել իրենց քայլերը: Երկրորդ բաղադրիչին զանգուածային բողոքն է, որ կը յաջողի ճշդել կարմիր գիծերը եւ չարտօնել, որ հատումներ կատարուին այդ ուղղութեամբ: Առանց երկրորդին, առաջինը կը գործէ անարգել, եւ ազգը կը վերածուի այդ ձեւով հեռակառավարուող ամբոխի:
Մայիս 6-ի հեզասահ կերպարանափոխումը ցուցանիշ է, որ այս երկրին մէջ կրնան ազգային այլ առաջնահերթութիւններ եւս տեղի տալ, մանաւանդ երբ համայնքայինը կը գերադասէ ազգայինին եւ հատուածայինը` համընդհանուրին:
Եթէ մայիս 6-ի խորհուրդին տէր կանգնած ըլլար լիբանանեան հասարակութիւնը, կ՛ունենար անպայման կամքն ու ներուժը պարտադրելու համալիբանանեան մտածողութիւնը. գուցէ նաեւ պարտադրելու համաձայնութիւնը, մինչեւ նախագահի ընտրութիւն, վարչապետի նշանակում եւ կառավարութեան կազմութիւն: Կը յաջողէր կանգնեցնել լիբանանեան գահավիժումը:
Իրադարձութիւնները փոխկապակցուած տրամաբանութիւն ունին: Համալիբանանեան մտածողութեան վերակայացումը կը սկսի մայիս 6-ը վերատեղադրելով իր ինկած պատուանդանին վրայ:
«Ա.»